< ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 5 >

1 Ասկէ ետք Հրեաներուն տօնն էր, ու Յիսուս Երուսաղէմ բարձրացաւ:
ᎾᏍᎩᏃ ᏄᎵᏍᏔᏂᏙᎸ, ᎤᏍᏆᎸᎲᎩ ᎠᏂᏧᏏ ᏧᎾᎵᏍᏓᏴᏗᏱ; ᎠᎴ ᏥᏌ ᏥᎷᏏᎵᎻ ᎤᏪᏅᏒᎩ.
2 Երուսաղէմի մէջ՝ Ոչխարներու դրան քով աւազան մը կայ, որ եբրայերէն Բեթհեզդա կը կոչուի եւ հինգ սրահ ունի:
ᏥᎷᏏᎵᎻᏂ ᎠᏫ ᎤᏂᏴᏍᏗᏱ ᎾᎥ ᎠᏓᏬᏍᏗᏱ ᎪᏢᎭ ᎾᏍᎩ ᎠᏂᏈᎷ ᎤᏂᏬᏂᎯᏍᏗ ᎨᏒ ᏡᏕᏍᏗ ᏕᎤᏙᎥ; ᎾᎿᎭᏂ ᎯᏍᎩ ᏓᏲᏓᏝᎭ.
3 Ասոնց մէջ պառկած էր հիւանդներու մեծ բազմութիւն մը՝ կոյրեր, կաղեր, չորցածներ, որոնք կը սպասէին ջուրին խառնուելուն.
ᎾᎿᎭᎠᏂᏂᏜᏓᎥᎩ ᎤᏂᏣᏘ ᏧᏂᏢᎩ, ᎠᎴ ᏗᏂᎨᏫ, ᎠᎴ ᏗᏂᏲᎤᎵ, ᎠᎴ ᎤᏅᎢᏒᎯ, ᎠᏂᎦᏘᏴᎩ ᎤᎵᏖᎸᏗᏱ ᎠᎹ.
4 որովհետեւ հրեշտակ մը ատեն-ատեն կ՚իջնէր աւազանը ու կը խառնէր ջուրերը, եւ ո՛վ որ ջուրին խառնուելէն ետք անոր մէջ առաջինը մտնէր՝ կ՚առողջանար, ի՛նչ ախտ ալ ունենար:
ᎢᏴᏛᎭᏰᏃ ᏗᎧᎿᎭᏩᏗᏙᎯ ᎦᎷᏥᎯᎲᎩ ᎠᏓᏬᏍᏗᏱ, ᎠᎴ ᎠᏖᎸᎲᏍᎬᎩ ᎠᎹ, ᎩᎶᏃ ᎾᏍᎩ ᏧᏓᎴᏅᏔᏅᎯ ᎤᏚᏅᎯ ᎿᎭᏉ ᎠᏖᎸᏅᎯ ᏥᎨᏐ ᎠᎹ, ᎤᏗᏩᏍᎬᎩ ᏂᎦᎥ ᎪᎱᏍᏗ ᎥᏳᎩ ᎤᏱᎵᏙᎲᎢ.
5 Հոն մարդ մը կար, որ հիւանդութիւն մը ունէր երեսունութ տարիէ ի վեր:
ᎠᎴ ᎾᎿᎭᎦᏅᎬᎩ ᎩᎶ ᎢᏳᏍᏗ ᎠᏍᎦᏯ, ᏦᎠᏍᎪᎯ ᏁᎳᎦᎵ ᎢᏳᏕᏘᏴᏛ ᎬᏩᏢᏨᎯ ᏄᏗᏩᏍᎬᎾ ᎨᏒᎩ.
6 Երբ Յիսուս տեսաւ զայն՝ պառկած, ու գիտցաւ թէ արդէն շատ ժամանակէ ի վեր հիւանդ էր, ըսաւ անոր. «Կ՚ուզե՞ս առողջանալ»:
ᏥᏌᏃ ᎤᎪᎲᎩ ᎾᏍᎩ ᎠᏍᎦᏯ ᎦᏅᎬᎢ, ᎠᎴ ᎤᏙᎴᎰᏒ ᎨᏒᎩ, ᎪᎯᏗᏳ ᎢᎬᏩᎵᏍᏔᏅᎯ ᎨᏒᎢ, ᎯᎠ ᏄᏪᏎᎸᎩ; ᏣᏚᎵᏍᎪ ᎡᏣᏅᏬᏗᏱ?
7 Հիւանդը պատասխանեց անոր. «Տէ՛ր, մա՛րդ մը չունիմ, որ երբ ջուրերը խառնուին՝ ձգէ զիս աւազանը. հապա՝ մինչ կ՚երթամ՝ ինձմէ առաջ ուրի՛շ մը կ՚իջնէ»:
ᎤᏢᎩ ᎤᏁᏨ ᎯᎠ ᏄᏪᏎᎸᎩ; ᎯᏍᎦᏯ, ᎥᏝ ᎩᎶ ᏰᏙᎰ ᎠᎹ ᎠᎵᏖᎸᎲᎦ, ᎠᏓᏬᏍᏗᏱ ᏩᎩᎧᎲᏍᎩ; ᎠᏏᏉᏰᏃ ᏥᏫᎦᎢᏐᎢ, ᎩᎶ ᏓᎩᎪᏂᏍᎪᎢ ᎢᎬᏱ ᏩᏠᎠᏍᎪᎢ.
8 Յիսուս ըսաւ անոր. «Ոտքի՛ ելիր, ա՛ռ մահիճդ ու քալէ՛»:
ᏥᏌ ᎯᎠ ᏄᏪᏎᎸᎩ; ᏔᎴᎲᎦ, ᎯᎾᎩ ᏣᏤᏍᏙ, ᎠᎴ ᎮᏓ.
9 Իսկոյն մարդը առողջացաւ, եւ առնելով իր մահիճը՝ կը քալէր. իսկ այդ օրը Շաբաթ էր:
ᎩᎳᏉᏃ ᎢᏴᏛ ᎾᏍᎩ ᎠᏍᎦᏯ ᎤᏗᏩᏒᎩ, ᎠᎴ ᎤᏁᏒᎩ ᎤᏤᏍᏙ, ᎠᎴ ᎤᏪᏙᎸᎩ. ᎠᎴ ᎤᎾᏙᏓᏆᏍᎬ ᎨᏒᎩ ᎾᎯᏳ ᎢᎦ.
10 Ուրեմն Հրեաները ըսին բժշկուած մարդուն. «Շաբա՛թ է, եւ արտօնուած չէ՝ որ վերցնես մահիճդ»:
ᎾᏍᎩ ᎢᏳᏍᏗ ᎠᏂᏧᏏ ᎯᎠ ᏄᏂᏪᏎᎴ ᎠᏥᏅᏩᏅᎯ; ᎪᎯ ᎤᎾᏙᏓᏆᏍᎬᎢ, ᎥᏝ ᏚᏳᎪᏛ ᏱᎩ ᏣᏤᏍᏙ ᏣᏂᏓᏍᏗᏱ.
11 Պատասխանեց անոնց. «Ա՛ն որ բժշկեց զիս, ի՛նք ըսաւ ինծի. “Ա՛ռ մահիճդ ու քալէ՛”»:
ᎯᎠ ᏂᏚᏪᏎᎴᎢ; ᎠᎩᏅᏩᏅᎯ ᎯᎠ ᎾᎩᏪᏎᎸᎩ; ᎯᎾᎩ ᏣᏤᏍᏙ, ᎠᎴ ᎮᏓ.
12 Ուրեմն հարցուցին անոր. «Ո՞վ է այն մարդը, որ ըսաւ քեզի. “Ա՛ռ մահիճդ ու քալէ՛”»:
ᎿᎭᏉᏃ ᎤᎾᏛᏛᏁᎢ, ᎯᎠ ᏄᏂᏪᏎᎢ; ᎦᎪ ᎢᏳᏍᏗ ᎾᏍᎩ ᎠᏍᎦᏯ, ᏣᏤᏍᏙ ᎯᎾᎩ ᎠᎴ ᎮᏓ, ᏦᏎᎸᎯ?
13 Եւ բժշկուողը չէր գիտեր թէ ո՛վ է ան, որովհետեւ Յիսուս մէկդի քաշուեցաւ՝ այնտեղ բազմութիւն ըլլալուն համար:
ᎠᎴ ᎾᏍᎩ ᎠᏥᏅᏩᏅᎯ ᎥᏝ ᏯᎦᏔᎮ ᎾᏍᎩ ᎨᏒᎢ; ᏥᏌᏰᏃ ᎤᏕᎵᏛ ᎤᏓᏅᏒᎩ; ᎤᏂᏣᏛᏰᏃ ᎾᎿᎭᎠᏁᏙᎲᎩ.
14 Անկէ ետք Յիսուս՝ գտնելով զայն տաճարին մէջ՝ ըսաւ անոր. «Ահա՛ բժշկուեցար. ա՛լ մի՛ մեղանչեր, որ աւելի գէշ բան մը չպատահի քեզի»:
ᎣᏂᏃ ᏥᏌ ᎾᏍᎩ ᎤᏩᏛᎲᎩ ᎤᏛᏅ-ᏗᎦᎳᏫᎢᏍᏗᏱ, ᎠᎴ ᎯᎠ ᏄᏪᏎᎸᎩ; ᎬᏂᏳᏉ ᎡᏣᏅᏩᏅ; ᏞᏍᏗ ᎿᎭᏉ ᎢᎸᎯᏳ ᏱᏣᏍᎦᏅᏤᏍᏗ, ᎤᏟᏰᏃ ᎢᏳᏲ ᏱᏣᎷᏥᏏ.
15 Մարդը գնաց ու հաղորդեց Հրեաներուն թէ Յիսո՛ւս էր՝ որ բժշկեց զինք:
ᎾᏍᎩ ᎠᏍᎦᏯ ᎤᏓᏅᏒᎩ, ᎠᎴ ᏫᏚᏃᏁᎸᎩ ᎠᏂᏧᏏ, ᏥᏌ ᎤᏅᏩᏅᎯ ᎨᏒᎢ.
16 Ուստի Հրեաները կը հալածէին Յիսուսը եւ կը ջանային սպաննել զայն՝ քանի որ Շաբաթ օրը կ՚ընէր այս բաները:
ᎠᎴ ᎾᏍᎩ ᎢᏳᏍᏗ ᎠᏂᏧᏏ ᎤᎾᏕᏯᏙᏔᏅᎩ ᏥᏌ, ᎠᎴ ᎤᏂᏲᎸᎩ ᎤᏂᎯᏍᏗᏱ, ᏅᏓᎦᎵᏍᏙᏗᏍᎬᎩ ᎾᏍᎩ ᏄᏛᏁᎸ ᎤᎾᏙᏓᏆᏍᎬ ᎢᎦ.
17 Բայց Յիսուս պատասխանեց անոնց. «Իմ Հայրս մինչեւ հիմա կը գործէ, ե՛ս ալ կը գործեմ»:
ᎠᏎᏃ ᏥᏌ ᏚᏁᏤᎸᎩ [ ᎯᎠ ᏂᏚᏪᏎᎸᎩ, ] ᎡᏙᏓ ᎪᎯ ᎢᏯᏍᏘ ᏚᎸᏫᏍᏓᏁᎰᎢ, ᎠᏴᏃ ᎾᏍᏉ ᏓᎩᎸᏫᏍᏓᏁᎰᎢ.
18 Ուստի Հրեաները ա՛լ աւելի կը ջանային սպաննել զայն, քանի որ ո՛չ միայն Շաբաթ օրը կը լուծէր, հապա նաեւ Աստուած իր Հայրը կը կոչէր, եւ այսպէս՝ ինքզինք Աստուծոյ հաւասար կ՚ընէր:
ᎾᏍᎩ ᎢᏳᏍᏗ ᎠᏂᏧᏏ ᎤᏟ ᎢᎦᎢ ᎤᎾᏚᎸᎲᎩ ᎤᏂᎯᏍᏗᏱ, ᏅᏓᎦᎵᏍᏙᏗᏍᎬᎩ ᎥᏝ ᎤᎾᏙᏓᏆᏍᎬᏉ ᎤᏩᏒ ᎤᏲᏍᏔᏅᎢ, ᎾᏍᏉᏍᎩᏂ ᎤᏁᎳᏅᎯ ᎤᏙᏓ ᎤᏛᏅᎢ, ᎢᏧᎳᎭ ᎤᏁᎳᏅᎯ ᎾᏓᏛᏁᎲᎢ.
19 Իսկ Յիսուս ըսաւ անոնց. «Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Որդին ինքնիրմէ ոչինչ կրնայ ընել, հապա միայն ինչ որ տեսնէ՝ որ Հայրը կ՚ընէ. որովհետեւ ինչ որ ա՛ն կ՚ընէ, նմանապէս Որդի՛ն ալ կ՚ընէ այդ բաները”:
ᎿᎭᏉᏃ ᏥᏌ ᎤᏁᏨ ᎯᎠ ᏂᏚᏪᏎᎸᎩ; ᎤᏙᎯᏳᎯᏯ ᎤᏙᎯᏳᎯᏯ ᎯᎠ ᏂᏨᏪᏎᎭ; [ ᎤᏁᎳᏅᎯ ] ᎤᏪᏥ ᎥᏝ ᏰᎵᎦ ᎪᎱᏍᏗ ᎤᏩᏒ ᎨᏒ ᏱᏙᎬᏩᎸᏫᏍᏓᏏ, ᎠᎪᏩᏘᏍᎬᏍᎩᏂ ᎤᏙᏓ ᏚᎸᏫᏍᏓᏁᎲᎢ; ᎾᏍᎩᏰᏃ ᏄᏍᏛ ᏚᎸᏫᏍᏓᏁᎲᎢ ᎾᏍᎩ ᎾᏍᏉ ᎤᏪᏥ ᏚᎸᏫᏍᏓᏁᎰᎢ.
20 Քանի որ Հայրը կը սիրէ Որդին, եւ ամէն բան ցոյց կու տայ անոր՝ ինչ որ ինք կ՚ընէ: Ասոնցմէ աւելի մեծ գործեր ալ ցոյց պիտի տայ անոր, որպէսզի դուք զարմանաք.
ᎠᎦᏴᎵᎨᏰᏃ ᎤᎨᏳᎯᏳ ᎤᏪᏥ, ᎠᎴ ᎦᎾᏄᎪᏫᏎᎰ ᏂᎦᏛ ᎤᏩᏒ ᏚᎸᏫᏍᏓᏁᎲᎢ; ᎠᎴ ᎤᏟ ᎢᎦᎢ ᏗᎦᎸᏫᏍᏓᏁᏗ ᏓᎦᎾᏄᎪᏫᏎᎵ ᎡᏍᎦᏉ ᎯᎠ; ᎾᏍᎩ ᎢᏥᏍᏆᏂᎪᎯᏍᏗᏱ.
21 որովհետեւ ինչպէս Հայրը մեռելները կը յարուցանէ եւ կեանք կու տայ, նոյնպէս ալ Որդին կեանք կու տայ՝ անոնց որ ուզէ:
ᎠᎦᏴᎵᎨᏰᏃ ᏥᏓᎴᏗᏍᎪ ᏧᏂᏲᎱᏒᎯ, ᎠᎴ ᏗᏅᏃᏛ ᏥᏂᏕᎬᏁᎰᎢ, ᎾᏍᎩᏯᏍᎩᏂ ᎤᏪᏥ ᏗᏅᏃᏛ ᏂᏕᎬᏁᎰ ᎾᏂᎥ ᎾᏍᎩᏉ ᎡᎳ.
22 Քանի որ Հայրը ո՛չ մէկը կը դատէ, հապա ամէն դատաստան Որդիին տուաւ.
ᎠᎦᏴᎵᎨᏰᏃ ᎾᏍᏉ ᎥᏝ ᎩᎶ ᏱᏗᎫᎪᏓᏁᎰᎢ, ᏚᏲᎯᏎᎸᏍᎩᏂ ᎤᏪᏥ ᎾᎦᏛ ᏗᎫᎪᏙᏗ ᎨᏒᎢ,
23 որպէսզի բոլորը պատուեն Որդին, ինչպէս կը պատուեն Հայրը: Ա՛ն որ չի պատուեր Որդին, չի պատուեր Հա՛յրը՝ որ ղրկեց զայն:
ᎾᏍᎩ ᏂᎦᏛ ᎤᏂᎸᏉᏙᏗᏱ ᎤᏪᏥ, ᎾᏍᎩᏯ ᏥᎾᏂᎸᏉᏗᎭ ᎠᎦᏴᎵᎨᎢ. ᎩᎶ ᏂᎦᎸᏉᏗᏍᎬᎾ ᏥᎨᏐ ᎤᏁᎳᏅᎯ ᎤᏪᏥ, ᎥᏝ ᏱᎦᎸᏉᏗᏍᎪ ᎠᎦᏴᎵᎨ ᎾᏍᎩ ᏅᏓᏳᏅᏏᏛ.
24 Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Ա՛ն որ մտիկ կ՚ընէ իմ խօսքս, ու կը հաւատայ անոր՝ որ ղրկեց զիս, ունի յաւիտենական կեանքը, եւ չ՚իյնար դատապարտութեան տակ, հապա անցած է մահէն դէպի կեանք”: (aiōnios g166)
ᎤᏙᎯᏳᎯᏯ, ᎤᏙᎯᏳᎯᏯ ᎯᎠ ᏂᏨᏪᏎᎭ; ᎠᏛᎩᏍᎩ ᏥᏁᎬᎢ, ᎠᎴ ᎪᎯᏳᎲᏍᎩ ᏅᏛᎩᏅᏏᏛ ᎾᏍᎩ ᎤᎭ ᎬᏂᏛ ᎾᎵᏍᏆᏗᏍᎬᎾ, ᎠᎴ ᎾᏍᎩ ᎥᏝ ᏧᏚᎪᏙᏗ ᏱᎩ ᎤᏍᎦᏅᏨᎢ, ᎠᏲᎱᎯᏍᏗᏍᎩᏂ ᎨᏒ ᎤᏓᏅᏒ, ᎬᏂᏛ ᏗᎨᏒ ᏭᎶᏒ. (aiōnios g166)
25 Ճշմա՛րտապէս, ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Ժամը պիտի գայ ու հիմա ալ է, երբ մեռելնե՛րը պիտի լսեն Աստուծոյ Որդիին ձայնը. եւ անոնք որ կը լսեն՝ պիտի ապրին”:
ᎤᏙᎯᏳᎯᏯ, ᎤᏙᎯᏳᎯᏯ ᎯᎠ ᏂᏨᏪᏎᎭ; ᏛᏍᏆᎸᎯ ᎠᎴ ᎿᎭᏉ ᎤᏍᏆᎸᎲ ᏧᏂᏲᎱᏒᎯ ᎤᎾᏛᎪᏗᏱ ᎤᏁᎳᏅᎯ ᎤᏪᏥ ᎧᏁᎬᎢ, ᎠᎴ ᎤᎾᏛᎦᏅᎯ ᎤᎾᏛᏂᏗᏍᏗ ᎨᏎᏍᏗ.
26 Որովհետեւ ինչպէս Հայրը ինքնիր մէջ կեանք ունի, այնպէս ալ Որդիին տուաւ՝ որ ինքնիր մէջ կեանք ունենայ.
ᎠᎦᏴᎵᎨᏰᏃ ᎬᏂᏛ ᎤᏤᎵᎦ ᏥᎩ, ᎾᏍᎩᏯ ᎾᏍᏉ ᎤᏁᎸ ᎤᏪᏥ ᎬᏂᏛ ᎤᏤᎵᎦ ᎢᏳᎵᏍᏙᏗᏱ.
27 նաեւ անոր տուաւ դատաստան կիրարկելու իշխանութիւն, քանի որ ան մարդու Որդին է:
ᎠᎴ ᎾᏍᏉ ᎤᏁᎸ ᏧᏭᎪᏙᏗᏱ, ᏅᏧᎵᏍᏙᏔᏅ ᏴᏫ ᎤᏪᏥ ᎨᏒᎢ.
28 Մի՛ զարմանաք ասոր վրայ. որովհետեւ ժամը պիտի գայ՝ երբ բոլոր գերեզմաններու մէջ եղողները պիտի լսեն անոր ձայնը,
ᏞᏍᏗ ᎾᏍᎩ ᎯᎠ ᎢᏥᏍᏆᏂᎪᏒᎩ, ᏛᏍᏆᎸᎯᏰᏃ ᎾᎯᏳ ᏓᏤᎵᏍᏛ ᎠᏂᏯᎢ ᏂᎦᏛ ᏛᎾᏛᎦᏂ ᎧᏁᎬᎢ,
29 ու դուրս պիտի գան. անոնք որ բարիք գործեր են՝ կեանքի յարութեան համար, եւ անոնք որ չարիք գործեր են՝ դատապարտութեան յարութեան համար»:
ᎠᎴ ᏛᏂᎾᏄᎪᏥ, ᎾᏍᎩ Ꮎ ᎣᏍᏛ ᏧᏂᎸᏫᏍᏓᏁᎸᎯ ᎬᏂᏛ ᎨᏒ ᏫᏙᏛᎾᎴᏔᏂ, ᎤᏲᏃ ᏧᏂᎸᏫᏍᏓᏁᎸᎯ ᎤᏓᏍᏛᏗᏍᏗ ᎨᏒ ᏫᏙᏛᎾᎴᏔᏂ.
30 «Ես ինձմէ ոչինչ կրնամ ընել. ինչպէս կը լսեմ՝ այնպէս կը դատեմ, եւ իմ դատաստանս արդար է. որովհետեւ ո՛չ թէ իմ կամքս կը փնտռեմ, հապա անոր կամքը՝ որ ղրկեց զիս:
ᎥᏝ ᎪᎱᏍᏗ ᎠᏋᏒ ᎨᏒ ᏰᎵ ᏱᏙᎬᎩᎸᏫᏍᏓᏏ; ᎦᏛᎩᏍᎬ ᎾᏍᎩᏯ ᏕᎫᎪᏗᏍᎪᎢ, ᎠᎴ ᏓᏉᎪᏔᏅ ᏚᏳᎪᏛ ᎨᏐᎢ; ᏅᏗᎦᎵᏍᏙᏗᏍᎪ ᎾᎩᏲᎲᎾ ᎨᏒ ᎠᏋᏒ ᎦᏓᏅᏖᏍᎬᎢ, ᎠᎩᏲᎲᏍᎩᏂ ᎠᏓᏅᏖᏍᎬ ᎡᏙᏓ ᎾᏍᎩ ᏅᏛᎩᏅᏏᏛ.
31 Եթէ ես վկայեմ իմ մասիս՝ իմ վկայութիւնս ճշմարիտ չէ:
ᎢᏳᏃ ᎠᏋᏒ ᏱᎦᏓᏃᎮᎭ, ᏥᏃᎮᏍᎬ ᎥᏝ ᏱᎬᏩᏙᎯᏳᎭ.
32 Ուրի՛շ մըն է՝ որ կը վկայէ իմ մասիս. ու ես գիտեմ թէ ճշմարի՛տ է այն վկայութիւնը՝ որ ինք վկայեց իմ մասիս:
ᏅᏩᏓᎴ ᎡᎭ ᎠᏴ ᎠᎩᏃᎮᏍᎩ, ᎠᎴ ᏥᎦᏔᎭ ᎤᏙᎯᏳᎯ ᎨᏒ ᎾᏍᎩ ᎧᏃᎮᏍᎬᎢ, ᎠᏴ ᎠᎩᏃᎮᏍᎬᎢ.
33 Դուք մարդ ղրկեցիք Յովհաննէսի, եւ ինք վկայ եղաւ ճշմարտութեան:
ᏣᏂ ᏧᏬᎸ ᎢᏣᏓᏅᏒᎩ, ᎠᎴ ᎾᏍᎩ ᏚᏳᎪᏛ ᎤᏃᎮᎸᎩ.
34 Բայց ես ո՛չ թէ մարդոցմէ վկայութիւն կը ստանամ, հապա այս բաները կ՚ըսեմ՝ որպէսզի դուք փրկուիք:
ᎠᏎᏃ ᎠᏴ ᎥᏝ ᏱᏗᎦᏓᏂᎸᎦ ᏴᏫ ᎠᎩᏃᎮᏍᎬᎢ, ᎠᏎᏃ ᎾᏍᎩ ᎯᎠ ᏂᏥᏪᎠ ᎡᏥᏍᏕᎸᏗᏱ.
35 Ան ճրագ մըն էր՝ որ կը վառէր ու կը փայլէր, եւ դուք ուզեցիք ժամանակ մը ցնծալ անոր լոյսով:
ᎾᏍᎩ ᎠᏓᏪᎵᎩᏍᎩ ᎠᎴ ᏧᎸᏌᏓ ᎠᏨᏍᏙᏗ ᎨᏒᎩ; ᏂᎯᏃ ᏞᎦ ᎣᏏᏳ ᎢᏥᏰᎸᏒᎩ ᎢᏣᎵᎮᎵᏍᏗᏱ ᎾᏍᎩ ᎢᎦ ᎤᏘᏍᏛᎢ.
36 Սակայն ես ունիմ աւելի մեծ վկայութիւն՝ քան Յովհաննէսինը. որովհետեւ այն գործերը որ Հայրը տուաւ ինծի՝ որպէսզի աւարտեմ զանոնք, այդ նոյն գործերը որ ես կ՚ընեմ՝ կը վկայեն իմ մասիս թէ Հա՛յրը ղրկեց զիս:
ᎠᏎᏃ ᎤᏟ ᎦᎸᏉᏗᏳ ᎠᎩᏃᎮᏍᎩ ᎠᏇᎭ ᎡᏍᎦᏉ ᏣᏂ; ᏗᎦᎸᏫᏍᏓᏁᏗᏰᏃ ᎠᎦᏴᎵᎨ ᎠᎩᏁᎸᎯ ᎠᎩᏍᏆᏗᏍᏗᏱ, ᎾᏍᎩ ᏥᏓᎩᎸᏫᏍᏓᏁᎭ, ᎠᎩᏃᎮᏍᎪ ᎠᏴ ᎠᎦᏴᎵᎨᎢ ᏅᏛᎩᏅᏏᏛ ᎨᏒᎢ;
37 Եւ Հայրը, որ ղրկեց զիս, ի՛նք վկայեց իմ մասիս: Դուք բնա՛ւ լսած չէք անոր ձայնը, ո՛չ ալ տեսած անոր կերպարանքը.
ᎠᎴ ᎠᎦᏴᎵᎨ ᏅᏛᎩᏅᏏᏛ ᎾᏍᎩ ᎠᎩᏃᎮᎸ. ᎥᏝ ᎢᎸᎯᏳ ᏱᎨᏣᏛᎦᏃ ᎧᏁᎬᎢ, ᎠᎴ ᏱᎨᏥᎪᎰ ᏄᏍᏛᎢ.
38 անոր խօսքն ալ բնակած չէ ձեր մէջ, որովհետեւ դուք չէք հաւատար անոր՝ որ ինք ղրկեց:
ᎠᎴ ᎾᏍᎩ ᎤᏁᏨᎢ ᎥᏝ ᏱᏥᏯᎠ, ᎾᏍᎩᏰᏃ Ꮎ ᏅᏓᏳᏅᏏᏛ ᎥᏝ ᏰᏦᎢᏳᎲᏍᎦ.
39 Զննեցէ՛ք Գիրքերը, որովհետեւ դուք կը կարծէք անոնցմո՛վ ունենալ յաւիտենական կեանքը. բուն անո՛նք են՝ որ կը վկայեն իմ մասիս: (aiōnios g166)
ᏗᏥᎪᎵᏯ ᎪᏪᎵ, ᎾᎿᎭᏰᏃ ᎾᎵᏍᏆᏗᏍᎬᎾ ᎬᏂᏛ ᎢᏥᎭ ᎢᏥᏰᎸᎭ, ᎠᎴ ᎾᏍᎩ Ꮎ ᎪᏪᎵ ᎠᏴ ᎠᎩᏃᎮᏍᎩ. (aiōnios g166)
40 Դուք չէք ուզեր ինծի գալ՝ որ կեանք ունենաք:
ᎠᏎᏃ ᎥᏝ ᏱᏣᏚᎵᎭ ᏍᎩᎷᏤᏗᏱ ᎬᏂᏛ ᎢᏣᏤᎵᎦ ᎢᏳᎵᏍᏙᏗᏱ.
41 Ես փառք չեմ ստանար մարդոցմէ.
ᏴᏫ ᎬᎩᎸᏉᏗᏍᎬ ᎥᏝ ᏱᏗᎦᏓᏂᎸᎦ;
42 բայց գիտեմ ձեզ, որ չունիք ձեր մէջ Աստուծոյ սէրը:
ᎠᏎᏃ ᎢᏨᎦᏔᎭ, ᎤᏁᎳᏅᎯ ᎡᏥᎨᏳᎢᏳ ᏂᎨᏒᎾ ᎨᏒᎢ.
43 Ես եկայ իմ Հօրս անունով՝ ու չէք ընդունիր զիս. եթէ ուրիշ մէկը գայ ինքնիր անունով՝ պիտի ընդունիք զինք:
ᎠᏴ ᎡᏙᏓ ᏕᎤᏙᎥ ᎠᎩᎷᎯᏍᏔᏅ, ᎥᏝᏃ ᏱᏗᏍᎩᏯᏓᏂᎸᎦ. ᎢᏳᏃ ᏅᏩᏓᎴ ᎤᏩᏒ ᏕᏅᏙᎥ ᏳᎷᎯᏍᏔᏅ, ᎾᏍᎩ ᎠᏎ ᏱᏕᏣᏓᏂᎸᎩ.
44 Ի՞նչպէս կրնաք հաւատալ, դո՛ւք որ փառք կը ստանաք իրարմէ՛, եւ չէք փնտռեր այն փառքը՝ որ կու գայ միայն Աստուծմէ:
ᎦᏙ ᏱᎦᎵᏍᏙᏓ ᏱᏦᎯᏳᎲᎦ, ᎢᏨᏒ ᏕᏣᏓᎸᏉᏗᏍᎬ ᏥᏕᏣᏓᏂᎸᎦ, ᏂᏥᏲᎲᎾᏃ ᏥᎩ ᎥᏓᏗᎸᏉᏙᏗ ᎨᏒ ᎾᏍᎩ ᎤᏁᎳᏅᎯ ᎤᏩᏒᎯᏳ ᏅᏓᏳᎵᏍᎪᎸᏙᏗ ᏥᎩ?
45 Մի՛ կարծէք թէ ե՛ս պիտի ամբաստանեմ ձեզ Հօրը առջեւ: Կա՛յ մէկը՝ որ կ՚ամբաստանէ ձեզ, Մովսէ՛ս՝ որուն կը յուսաք:
ᏞᏍᏗ ᎠᎦᏴᎵᎨᎢ ᏓᎧᏃᏁᎵ ᏓᏲᎫᎯᏍᏔᏂ ᏱᏍᎩᏰᎵᏎᎮᏍᏗ; ᎠᏏᏴᏫ ᎡᎭ ᎢᏧᎯᏍᏗᏍᎩ, ᎼᏏ, ᎾᏍᎩ ᏤᏣᏁᎶᏗ ᏥᎩ.
46 Որովհետեւ եթէ Մովսէսի հաւատայիք, ինծի՛ ալ պիտի հաւատայիք, քանի որ ան գրեց իմ մասիս:
ᎢᏳᏰᏃ ᎼᏏ ᏱᎡᏦᎢᏳᎲᏍᎨᎢ ᎠᏴ ᏱᏍᎩᏲᎢᏳᏁᎢ, ᎾᏍᎩᏰᏃ ᎠᏴ ᎠᎩᏃᎮᏍᎬᎢ ᎤᏬᏪᎳᏅᎩ.
47 Բայց եթէ չէք հաւատար անոր գրածներուն, ի՞նչպէս պիտի հաւատաք իմ խօսքերուս»:
ᎠᏎᏃ ᏂᏦᎯᏳᎲᏍᎬᎾ ᏱᎩ ᎾᏍᎩ ᎤᏬᏪᎳᏅᎯ, ᎦᏙ ᏱᎦᎵᏍᏙᏓ ᏱᏦᎯᏳᎲᎦ ᎠᏴ ᏥᏁᎬᎢ?

< ՅՈՎՀԱՆՆՈԻ 5 >